2015-02-20 12:24:32

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 20 փետրուարի քարոզը` ''Անարդարութիւններու համար զԱստուած օգտագործելը մահացու մեղք է''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քրիստոնեաները, մանաւանդ քառասնորդաց շրջանին, կանչուած են Աստուծոյ ու մերձաւորին հանդէպ սէրը ապրիլ հետեւողականութեամբ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 20 փետրուարի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագի ընթացքին, որուն ընդհանրապէս կը մասնակցին խումբ մը հաւատացեալներ։
Ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Հայրը զգուշացուց անոնք որոնք առատաձեռն նուիրատուութիւններ կը կատարեն եկեղեցւոյ ու ետքը իրենց աշխատաւորներուն հետ ան արդարօրէն կը վերաբերուին։
Քահանայապետը ընդգծեց թէ Տիրոջ համար ''միս չուտելը ծոմապահութիւն չէ'' եւ թէ Յիսուսի մեզի սորվեցուցած ծոմապահութիւնը կը վերաբերի անարդար շղթաները լուծելու, ճնշուածները ազատագրերու, մերկերը հագնեցնելու եւ արդարութիւնը բանեցնելու մէջ։ Այս է իսկական ծոմապահութիւնը որ միայն արտաքինով չի գոհանար այլ` սրտէն բխած ծոմապահութիւն է։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց սիրոյ պատուիրանին` Սիրէ քու Տէր Աստուածդ ու սիրէ մերձաւորդ, հաստատելով թէ նոյնիսկ եթէ շատ հաւատք ունենանք եւ բարի գործեր չկատարենք այդ հաւատքը կը մեռնի ու շեշտեց թէ Աստուծոյ անունով անարդարութիւն գործելը մահացու մեղք է։ Քառասնորդացի ուղեւորութիւնը կրկնակի ուղեւորութիւն մըն է դէպի Աստուած ու դէպի մերձաւորը, պէտք չէ բաւարարուիլ մսեղէն հրաժարելէն այլ հարկաւոր է նայիլ ուրիշներու կարիքներուն` մանուկներունը, տարեցներունը, անոնք որոնք կարողութիւններ չունին իրենց առօրեան ապրելու, բանտարկեալները, հիւանդները.... ու անոնց տեղ մը յատկացնել մեր սրտերուն մէջ։
Տէր, ընկերացիր մեր այս քառասնորդացի ուղեկցութեան որպէսզի արտաքին պահքը համապատասխանէ հոգւոյն ներքին վերանորոգումին։ Աղօթենք որ Աստուած մեզի շնորհէ այս պարգեւը եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.